Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը յայտարարած է, որ ռուսական С-400-ները պատրաստ են օգտագործելու, Անգարան այդ համակարգը պիտի տեղադրէ անհրաժեշտութեան պարագային։
«С-400-ը պատրաստ է օգտագործման համար, երբ որեւէ սպառնալիք յայտնուի, մենք կ'որոշենք, թէ ուր տեղադրենք այն, եւ կ'երթանք ու կը տեղադրենք»,- նշած է Աքար։
Ան աւելցուցած է, որ Անգարան ջանքեր կը գործադրէ ԱՄՆ-էն F-16 կործանիչներ գնելու համար, սակայն եթէ գործարքը ձախողի, իրենք ունին այլընտրանքներ։