image

Պատրաստ ենք անյապաղ պատասխանի. Մոժթապա Խամէնիի

Պատրաստ ենք անյապաղ պատասխանի. Մոժթապա Խամէնիի

Հակառակորդի կողմէ որեւէ սպառնալիք պէտք է արժանանայ Իրանի զինուած ուժերու անյապաղ եւ արդիւնաւէտ պատասխանին՝ առանց աշխարհագրական սահմանափակումներու։ Այս մասին զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարներու հետ հանդիպման ընթացքին հրահանգած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէի։

«Յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդը սահմանած է, որ սպառնալիքի որեւէ մակարդակ եւ տեսակ պէտք է արժանանայ անյապաղ եւ արդիւնաւէտ պատասխանի՝ առանց աշխարհագրական սահմանափակումներու», ըսուած է գերագոյն առաջնորդի գրասենեակին հաղորդագրութեան մէջ։

Խամենէի աւելցուցած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգները վերստին ռազմական գործողութիւններ սկսի, պատերազմի աւարտին ժամանակն ու պայմանները պիտի որոշեն Իրանի զինուած ուժերն ու իրանցի ժողովուրդը։

Գրասենեակի տեղեկութիւններով՝ գերագոյն առաջնորդը թշնամիներուն հզօր դիմադրութիւն ցուցաբերելու մարտական պատրաստուածութիւնը բնութագրած է որպէս «առաւելագոյն զսպման» պայման։

Իրենց կարգին, զօրահրամանատարները զեկուցած են Պարսից ծոցի ափամերձ շրջաններուն, Հորմուզի նեղուցին, Օմանի ծոցի գօտիներուն եւ սահմաններուն մէջ երկրի զինուած ուժերուն պատրաստուածութեան, ինչպէս նաեւ ռազմամթերքի եւ հետախուզութեան, աջակցութեան ու մարտական կիրառման միջոցներու արտադրութեան բազմապատիկ աճին մասին։