Թրքական ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւնները սկսած են համագործակցիլ եւ աշխուժացնել՝ 2023 թուականի ընտրութիւններուն նախագահ Թայէպ Էրտողանը եւ անոր Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը տապալելու իրենց ջանքերը: Այս քայլը կը մեծցնէ նախագահի վրայ ճնշումը, մանաւանդ որ ընկերաբանական հարցումները կը վկայեն իշխող դաշինքի համակիրներու աջակցութեան անկման մասին:
Բանակցողները յայտարարած են, որ, ընդլայնելով համակարգումը, որ օգնած է իրենց հարուածներ հասցնել Էրտողանին 2019-ի ՏԻՄ ընտրութիւններուն, կողմերը երեքշաբթի կայացուցած են երրորդ հանդիպումը եւ շաբաթական հանդիպումներ նշանակած են` մինչեւ տարեվերջ ընդհանուր սկզբունքներու համաձայնեցման համար:
«Ընդդիմութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը փորձէ անել այն, որ նախապէս երբեք չէր փորձած՝ միաւորուիլ իշխանութեան դիմադրելու համար»,- ըսած է քաղաքական մեկնաբան Մուրատ Էթքինը:
Էրտողանի կառավարութեան աջակցութիւնը կը տկարանայ` տնտեսական խնդիրներու լուծման քննադատութեան ֆոնին, ինչպիսիք են բարձր գնաճը եւ գործազրկութիւնը, COVID-19-ի համավարակը, անտառային հրդեհներն ու ջրհեղեղները:
Ըստ մասնակիցներու` ընդդիմութեան բանակցութիւնները ուղղուած են ընդհանուր սկզբունքներու սահմանման, այլ ոչ թէ նախագահի թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան գալուն` նպատակ ունենալով հրաժարիլ 2018 թուականին ներդրուած կառավարման նախագահական համակարգէն եւ վերադառնալ խորհրդարանական համակարգին:
IYI-ի փոխնախագահ Պահատիր Էրտեմն ըսած է, որ իրենք պայմանաւորուած են կեդրոնանալ այնպիսի հարցերու վրայ, ինչպիսիք են դատական իշխանութեան, ԶԼՄ-ներու եւ գիտական ոլորտի անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ` քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ ընտրութիւններուն վերաբերող օրէնքները` նպատակ ունենալով ամրապնդել իշխանութեան տարանջատումը եւ ժողովրդավարութիւնը:
«Այս վեց կուսակցութիւններու միաւորումը մարդոց յոյս կը ներշնչէ: Պառակտման փոխարէն կայ միասնութիւն, համախմբում ընդհանուր հիմքերու վրայ»,-ըսած է Էրտեմ: