Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին։ Հեռաձայնային զրոյցը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան տօնին եւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովին առիթով Անգարայի մէջ կազմակերպուած՝ օտարերկրեայ ղեկավարներու մասնակցութեամբ ընթրիքի ընթացքին։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։
«ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին՝ Հոկտեմբեր 29-ին նշուող Հանրապետութեան տօնին եւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովին առիթով կազմակերպուած՝ ղեկավարներու մասնակցութեամբ ընթրիքի ընթացքին», նշուած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին հաղորդագրութեան մէջ։
Էրտողան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին փոխանցած է ընթրիքին ներկայ ղեկավարներուն ողջոյնները։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան յառաջիկայ 13-րդ գագաթաժողովին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Անգարայի մէջ, եւ վստահութիւն յայտնած է, որ հանդիպման մասնակիցները պիտի ընդունին կազմակերպութեան հետագայ զարգացման նպաստող որոշումներ։
Անոր համաձայն՝ աւելի քան 200 միլիոն մարդ ներկայացնող այս միաւորումը կարեւոր դեր կը կատարէ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման գործին մէջ։
Թրամփ իր կարգին յաջողութիւն մաղթած է յառաջիկայ գագաթաժողովին, կը հաղորդէ Էրտողանի գրասենեակը։
Երկու նախագահներուն նախորդ հեռաձայնային զրոյցը տեղի ունեցած էր Հոկտեմբեր 28-ին։