image

Թուրքիա. Ընդդիմութիւնը կը միաւորուի Էրտողանի դէմ

Թուրքիա. Ընդդիմութիւնը կը միաւորուի Էրտողանի դէմ

Թրքական ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւնները սկսած են համագործակցիլ եւ աշխուժացնել՝ 2023 թուականի ընտրութիւններուն նախագահ Թայէպ Էրտողանը եւ անոր Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը տապալելու իրենց ջանքերը: Այս քայլը կը մեծցնէ նախագահի վրայ ճնշումը, մանաւանդ որ ընկերաբանական հարցումները կը վկայեն իշխող դաշինքի համակիրներու աջակցութեան անկման մասին:

Բանակցողները յայտարարած են, որ, ընդլայնելով համակարգումը, որ օգնած է իրենց հարուածներ հասցնել Էրտողանին 2019-ի ՏԻՄ ընտրութիւններուն, կողմերը երեքշաբթի կայացուցած են երրորդ հանդիպումը եւ շաբաթական հանդիպումներ նշանակած են` մինչեւ տարեվերջ ընդհանուր սկզբունքներու համաձայնեցման համար:

«Ընդդիմութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը փորձէ անել այն, որ նախապէս երբեք չէր փորձած՝ միաւորուիլ իշխանութեան դիմադրելու համար»,- ըսած է քաղաքական մեկնաբան Մուրատ Էթքինը:

Էրտողանի կառավարութեան աջակցութիւնը կը տկարանայ` տնտեսական խնդիրներու լուծման քննադատութեան ֆոնին, ինչպիսիք են բարձր գնաճը եւ գործազրկութիւնը, COVID-19-ի համավարակը, անտառային հրդեհներն ու ջրհեղեղները:

Ըստ մասնակիցներու` ընդդիմութեան բանակցութիւնները ուղղուած են ընդհանուր սկզբունքներու սահմանման, այլ ոչ թէ նախագահի թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան գալուն` նպատակ ունենալով հրաժարիլ 2018 թուականին ներդրուած կառավարման նախագահական համակարգէն եւ վերադառնալ խորհրդարանական համակարգին:

IYI-ի փոխնախագահ Պահատիր Էրտեմն ըսած է, որ իրենք պայմանաւորուած են կեդրոնանալ այնպիսի հարցերու վրայ, ինչպիսիք են դատական ​​իշխանութեան, ԶԼՄ-ներու եւ գիտական ​​ոլորտի անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ` քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ ընտրութիւններուն վերաբերող օրէնքները` նպատակ ունենալով ամրապնդել իշխանութեան տարանջատումը եւ ժողովրդավարութիւնը:

«Այս վեց կուսակցութիւններու միաւորումը մարդոց յոյս կը ներշնչէ: Պառակտման փոխարէն կայ միասնութիւն, համախմբում ընդհանուր հիմքերու վրայ»,-ըսած է Էրտեմ: