image

Ըստ Էրտողանի Հայասանի հետ դրական տեղաշարժ կայ

Ըստ Էրտողանի Հայասանի հետ դրական տեղաշարժ կայ

Թուրքիան եւ Հայաստանը առաջընթաց արձանագրած են երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան։

«Մենք առաջընթաց արձանագրած ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ»,– ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի նիստին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը՝ յոյս յայտնելով, որ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի»։

Նշենք, որ Իսրայէլի պատուիրակութիւնը լքած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի դահլիճը՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ելոյթի ընթացքին։