image

Թուրքիա պատ կը կառուցէ Յունաստանի հետ սահմանին

Թուրքիա պատ կը կառուցէ Յունաստանի հետ սահմանին

Թուրքիա երկրի սահմանային ապահովութեան համար պատեր կը կառուցանէ բոլոր ուղղութիւններով։ Հերթը հասած է Յունաստանին։

Այս մասին կը յայտնէ «Նոր Մարմարա»ն։

Այսպէս առաջին պատը պիտի կառուցուի Էտիրնէ նահանգի սահմանային հատուածին մէջ։

Էտիրնէի գաւառապետ Եունուս Սէզէր հանդիպում մը ունենալով իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, օրակարգի բերած է այս հարցը։

Ան յայտնած է որ Թուրքիա-Յունաստան սահմանի վրայ ապահովութեան միջոցառումներ պիտի իրականանան. այդ շրջագծով պիտի կառուցուի 8.5 քիլոմեթր երկարութեամբ անվտանգութեան պատ մը։

Որպէս առաջին հատուած, պատի շինութիւնը պիտի սկսի արեւմտեան սահմանի մօտ։ Ապագային պատը պիտի երկարաձգուի Յունաստանի հետ սահմանի ամբողջ երկայնքին։