«Արեւելք» (Գանատա),- «Հայաստան բնակող Տաթեւ Ստեփանեանը հրապարակաւ դիմած է օգնութեան՝ իր եղբօրը՝ Տարօն Ստեփանեանին գտնելու համար։ Գանատայի Թորոնթոյի ոստիկանութեան համաձայն՝ Տարօնը կորսուած է աւելի քան 20 ամիս առաջ՝ Թորոնթոյ քաղաքին մէջ։
Իր «Ֆէյսպուք»եան գրառման մէջ Տաթեւը նշած է, թէ իր եղբայրը վերջին անգամ տեսնուած է 2023 թուականի Դեկտեմբեր 23-ին՝ Թորոնթոյի մէջ, ուր ան կ՚ապրէր մօտաւորապէս տասը տարի՝ իր կնոջ եւ որդիին հետ։
Ըստ յայտարարութեան՝ Թորոնթոյի ոստիկանութիւնը Տարօնը կը փնտռէ որպէս անհետացած անձ։ «Կը խզեմ իմ երկար լռութիւնս այս կարեւոր գրառումով»,– գրած է Տաթեւը՝ նկարագրելով այն «դժոխքը», որ ինք եւ մայրը կ՚ապրին Տարօնի անհետանալէն ի վեր։
Թորոնթոյի ոստիկանութիւնը Տարօնի անհետացման մասին յայտարարած էր 2024-ի Յունուար 18-ին։ Յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ ան ունի շագանակագոյն մազեր, մուգ շագանակագոյն մօրուք եւ շագանակագոյն աչքեր։ Վերջին անգամ երեւցած է քաղաքի Morningside Avenue / Kingston Road շրջանին մէջ։
Տաթեւը կոչ կ՚ընէ բոլոր անոնց, որոնք տեղեկութիւն ունին, կապ հաստատելու իր հետ։ Ան տրամադրած է հեռաձայնի համար (+37455228868), որուն կարելի է կապուիլ Viber, WhatsApp եւ Telegram հարթակներով։
Քոյրը նաեւ նշած է, թէ կարգ մը հայկական եւ գանատական պետական մարմիններ ու կազմակերպութիւններ տեղեկացուած են եղբօր գործին մասին, որոնց մէջ են՝ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւնը Գանատայի մէջ, Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Գրասենեակը։
2025 թուականի Սեպտեմբեր 18-ին Lawspec Professional Corporation ընկերութիւնը մամլոյ յայտարարութիւն տարածեց Ստեփանեանի անունով, լուրջ կասկածներ ունենալով անոր անհետացման մէջ չարաշահումի կամ ոճիրի մասով։ Ընտանիքը նշած է, թէ Տարօնը նուիրեալ հայր, եղբայր եւ որդի է, որ երբեք չէր լքեր իր սիրելիները, մանաւանդ իր փոքրիկ զաւակը։ Քոյրը նշած է նաեւ, որ կինը բնաւ շահագրգռուած չէ ամուսինի որոնման հարցերով։
Ընտանիքը այժմ կը քննարկէ մասնաւոր հետաքննողներու ներգրաւումը՝ բոլոր հնարաւոր ուղիները քննելու համար։
Ընտանիքը եւ իրենց իրաւաբանը՝ Էլինա Մարինոսեան, «Lawspec»-ի կառավարիչ գործընկերը, կոչ ուղղած են հասարակութեան անդամներուն՝ փոխանցելու որեւէ տեղեկութիւն, նոյնիսկ ամենափոքր մանրամասնութիւնը կրնայ վճռական դեր ունենալ։ Բոլոր տեղեկութիւն ունեցողները կրնան անմիջապէս կապ հաստատել info@lawspec.ca հասցէով, կամ՝ անանուն ձեւով, Crime Stoppersի միջոցով՝ 1-800-222-8477 հեռաձայնի համարով։