Թորոնթոյի մէջ մահացած է հալէպահայ Սարգիս Մութաֆեան անողոք հիւանդութեան դէմ երկար պայքար մղելէ ետք:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ հանգուցեալի ընկերներէն:
Սարգիս Մութաֆեան ծնած է Հալէպ 1958-ին: Եղած է ՀՄԸՄական: Աւելի ուշ անցած է ՀՅԴ կուսակցութեան շարքերը: 2010-ին գաղթած է Գանատա աւելի լաւ կեանք ապահովելու համար:
Ան զբաղած էր ինքնաշարժներու նորոգութեամբ (մեքանիք), որուն մէջ շատ հմուտ էր: Հետեւաբար Գանատայի մէջ ալ կրցած էր շարունակել իր նոյն գործը:
Եղած է ընտանիքի հայրը (իրենց բոյնը կազմելով Տիկին Սօսիին հետ) եւ հայր դարձած երեք զաւակներու Անդրանիկ, Վարդի եւ Աննա:
Հանգուցեալը Հալէպի մէջ եղած էր Զաւարեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներէն: Սարգիս վայելած էր իր շրջապատին սէրն ու յարգանքը, ազնիւ էր ու վեհանձն:
Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 յունուարին, Շաբաթ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
«Արեւելք» խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն: Յիշատակը անթառամ մնայ: