image

Արթուր Օսիպեանը Մռավի դիրքերուն վրայ եղած է. կը վկայէ պատերազմին վիրաւորուած Սերկէյ Ստեփանեանը

Արթուր Օսիպեանը Մռավի դիրքերուն վրայ եղած է. կը վկայէ պատերազմին վիրաւորուած Սերկէյ Ստեփանեանը

Մարտական դիրքի վրայ վիրաւորուած Սերկէյ Ստեփանեանը կը պատմէ, թէ որ ուղղութեամբ եղած է Արթուր Օսիպեանը 2020-ի պատերազմի ժամանակ։ 15-րդ օրն անազատութեան ու հացադուլի մէջ գտնուող Արթուր Օսիպեանը Նիկոլ Փաշինեանէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել իրմէ եւ այլ արցախցիներէ՝ զիրենք «փախած» անուանելու համար։

Արցախցի քաղաքական գործիչ Արթուր Օսիպեանը ձերբակալուած է, այնուհետեւ կալանաւորուած՝ մայիս 18-ին Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ վարչապետի հետ ունեցած բանավէճէն ետք։ Անոր կը մեղադրեն բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերու, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ քարոզելու, խուլիկանութեան եւ քարոզչութեան խոչընդոտելու մէջ: 

Փաստաբան Ռոման Երիցեանի խօսքով՝ քննիչին հարցուցած է, թէ ճիշդ ինչով Օսիպեանը խոչընդոտած է նախընտրական քարոզարշաւը, որուն քննիչը պատասխանած է. «Վարչապետին ոչ հաճոյ հարցեր է տուել»։

«Սեպտեմբերի 27-ի առաւօտեան, հենց տուրուդմբոցը սկսուեց, Արթուրի ավտոն մօտս էր, միասին էինք։ Որոշեցինք չորս ընկերներով շարժուել դէպի «Եղնիկներ» (Արցախի հիւսիս-արեւելք, Պաշտպանութեան բանակի 7-րդ պաշտպանական շրջան)։ Միանգամից շարժուեցինք, զինկոմիսարիատին չսպասեցինք, Տօնաշէն գիւղում սպառազինութիւն ստացանք ու շարժուեցինք։ Արթուրի քրոջ որդիները ժամկէտային էին ծառայում «Եղնիկներում»։ Տեսանք նրանց, յետոյ հարցուփորձ արեցինք, թէ որտեղ են ամենաթէժ դիրքերը»,- պատմած է Սերկէյը։

Անոնք հանդիպած են «Եղնիկներ» զօրամասի հրամանատար Կարէն Ջալաւեանին ու խնդրած տանիլ ամենաթէժ դիրքերը։

«Ասաց՝ բարձրացէք Մռավի տակը, եթէ չեմ սխալւում՝ 6-րդ, 7-րդ դիրքերն էին այնտեղ։ Այնտեղ հրամանատարը Սասուն Վարդանեանն էր, ինքն էլ յետոյ վիրաւորուեց, միասին իջանք»,- պատմած է Սերկէյը։

Մինչեւ վիրաւորուիլը՝ հոկտեմբեր 1-ը, Սերկէյը ընկերներու հետ մնացած է Մռավի դիրքերուն վրայ։

«Շատ լաւ անձնակազմ էր՝ թէ զինուորները, թէ հրամանատարները։ Հոկտեմբերի 1-ին թէժ էր, հրետակոծում էին, նոյնիսկ ինքնաթիռ էլ գրոհեց։ Այդ օրը վնասուածք ստացայ, բեկորը մտաւ մէջքս։ Սասունի հետ իջայ, Արթուրը մնաց դիրքերում»,- յիշած է Սերկէյ Ստեփանեանը։

Սերկէյը բուժուելէ ետք գացած է այլ ուղղութեամբ։ Իր լսածով՝ Արթուրը «Եղնիկներ»էն ետք գացած է Շուշիի ուղղութեամբ, ուր անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է անոր մեքենային։

Աւելի վաղ «ՍիվիլՆեթ»ի հետ զրոյցին Յարութ Մնացականեանը վկայած է, որ Օսիպեանը եղած է «Եղնիկներ»ու մէջ։

Արթուր Օսիպեանը՝ աջէն առաջինը, «Եղիկներ»։ Լուսանկարը՝ Յարութ Մնացականեանի դիմատետրեան էջէն։

Արթուր Օսիպեանի դէպքը մեծ արձագանգ առաջացուցած է. շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ ու անհատներ կը պահանջեն ազատ արձակել կամ փոխել անոր խափանման միջոցը։

Որոշ իրաւապաշտպաններ պնդած են, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան ժամանակ, եւ յատկապէս վերջին մէկ տարուան մէջ, աւելցած են այն դէպքերը, երբ մարդոց իրենց խօսքի, կարծիքի կամ գրառումներու համար քրէական պատասխանատւութեան կ՚ենթարկեն։