image

Թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքերու հայաստանեան տարբերակը շուտով պիտի փորձարկուի

Թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքերու հայաստանեան տարբերակը շուտով պիտի փորձարկուի

Հայկական արտադրութեան թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքաւորումներն ամբողջութեամբ պատրաստ են քլինիքական փորձարկումներու, վաւերացման եւ արտադրութեան համար։

Նախորդ տարի կառավարութեան ծրագրի շրջագիծէն ներս ճարտարապետական միութեան հետ համատեղ մեկնարկեց Հայաստանի մէջ թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքերու մշակման գործընթացը։

Ներկայացուած սարքը բարդ ճարտարապետական համակարգ է, որ ամբողջութեամբ կը կառուցէ հիւանդի շնչառական սարքի թուաբանական մոտելը եւ համապատասխան ալկորիթմներու միջոցով անհրաժեշտ ծաւալներով կը փոխարինէ շնչառական համակարգին։

Ամերիկեան NASA JPL տարրալուծարանի հետ համագործակցութեան շնորհիւ սարքերու 5 օրինակներ արդէն պատրաստ են եւ կ'անցնին փորձարկումներ՝ հետագային վաւերացուելու եւ արտադրուելու նպատակով։