image

Շուտով «Turkish Airlines»-ը պիտի գայ ՀՀ, որ Երեւանէն դէպի Լոս Անճելըս թռիչքի համար մեծ ներուժ ունի. Լուսինէ Գէորգեան

Շուտով «Turkish Airlines»-ը պիտի գայ ՀՀ, որ Երեւանէն դէպի Լոս Անճելըս թռիչքի համար մեծ ներուժ ունի. Լուսինէ Գէորգեան

Շուտով «Turkish Airlines»-ը պիտի գայ ՀՀ, որ Երեւանէն դէպի Լոս Անճելըս թռիչքի համար մեծ ներուժ ունի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Լուսինէ Գէորգեանը:

«Ինձ միշտ հարցնում են Երեւան-Լոս Անջելես ուղիղ չուերթի մասին, իսկ իրենք իրականացնում են այդպիսի չուերթ ու ունեն այդ ներուժը: Դեռ չեմ կարող ասել, թէ իրենք ինչպէս կը վարուեն, բայց աշխարհում երրորդ հզօրագոյն աւիաընկերութիւններից մէկն են, ու կարող են Երեւան-Լոս Անջելես ուղիղ չուերթի հնարաւորութիւն ստեղծել: Սա մեր նոր բանակցուող ուղղութիւններից մէկն է, չեմ կարող ասել, երբ կը լինի, բայց մեր ուշադրութեան կեդրոնում է գտնւում»,- նշած է ան:

Անդրադառնալով ուղիղ թռիչքներուն՝ Լուսինէ Գէորգեանը նշած է, որ կը բանակցուի նաեւ Չինաստանի հետ ուղիղ օդային փոխադրումը, նախորդ տարի Չինաստանէն եկող զբօսաշրջիկներու թիւը եւս աճած է:

Ան նաեւ ըսած է, որ կը նկատուի ցամաքային անցակէտերով՝ Վրաստանէն դէպի Հայաստան եկող չինացիներու մուտք, ու եթէ ունենանք ուղիղ չուերթ՝ Երեւանէն դէպի Չինաստանի այլ քաղաքներ, կրնանք Վրաստանի հետ համատեղ տարածաշրջանային նոր ուղղութիւններ ընել, որ Վրաստանը յաջողութեամբ կ՚ընէ Ատրպէյճանի հետ:

Նշենք, որ Մայիսէն պիտի սկսին Երեւան-Ռիկա ուղիղ չուերթները, յունիսէն՝ Երեւան-Լոնտոն-Երեւան: Դէպի Լոնտոն չուերթին ընդառաջ պիտի իրականացուի մեծ շուկայագիտական արշաւ: