ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Դարձեալ Նոյեմբեր է։ Ուր որ է պիտի ստանամ «Գանձասար»-ի բացառիկին համար յօդուած մը գրելու հրաւէրը։ Սակայն հետաքրքրականը ոչ թէ հրաւէրն է, այլ այն, որ տիկ. Զարմինէն հրաւէրին հետ զուգահեռ պիտի առաջարկէ նաեւ նիւթը։ Ան հաւատարիմ է իր պաշտօնին եւ լաւագոյնս գիտէ քեզ ամէն գնով մղել… աշխատանքի, մտորելու։ Ինչ մեղքս պահեմ, կը սիրեմ իր առաջարկած նիւթերը, որոնք ինծի համար կը դառնան իւրօրինակ մարտահրաւէրներ՝ խորհրդածելու եւ այդ ամէնը թուղթին ու ընթերցողի դատին յանձնելու։
«Արջը եօթը երգ գիտէ, եօթն ալ տանձի մասին»՝ կ’ըսէ հայկական առածը։ Խօսքը նաեւ իմ մասին է։ Ե՛ս ալ եօթը երգ գիտեմ, եօթն ալ՝ արեւմտահայերէնի այսօրուան վիճակին մասին են։ Կը յիշէ՞ք անցեալ տարուան «Արեւմտահայերէնը Մեր Թիրախն է» յօդուածս։ Որքան մարդիկ ճամբան, կամ որեւէ այլ տեղ, երբ հանդիպեցան, քաջալերող խօսքեր ըսին, որոնց համար իսկապէս շնորհակալ եմ։ Ուրիշներ՝ «Շատ ճիշդ մատնանշած ես հարցերը, բայց ասի ծուռ է, ծուռ ալ կը շարունակուի» ըսին, «Քու բարկութեան չափ մենք ալ կը նեղուինք, երբ արաբերէնախառն հայերէն մը կը լսենք» ըսին ու անցան։ Երբեմն ալ ընդամէնը պահու մը համար յուսադրողներ ալ գտնուեցան. «Մենք պէտք է գեղեցիկ լուրջ ծրագրեր մշակենք» ըսին ու անցան, մէյ մըն ալ այդ նիւթին չանդրադառնալով։
Ու ահա անցաւ տարի մը, ու տարիները այդպէս ալ պիտի շարունակեն գլորուիլ եւ եթէ այսօրուան պատանիները շատ մը հայերէն բառեր լսած են, անոնց իմաստները գիտեն, բայց չեն գործածեր, վաղուան սերունդները, լսած անգամ պիտի չըլլան այդ շատ մը հայերէն բառերը, որոնք գոնէ մեր սերունդին համար սովորական, ամէն օր օգտագործուող հայերէն բառեր են։ Եւ հետզհետէ առօրեայ բառապաշարի մաս կազմող այնքան բառեր պիտի դառնան սոսկ բառարանային։
Որպէս օրինակ յիշեմ քանի մը օր առաջ պատահած դէպք մը։
Բարեկամուհիի մը հետ կը զրուցէինք, երբ ան խօսքին մէջ ըսաւ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած ծնողական ժողովի ժամանակ հնչած կարգ մը հայերէն բառեր անհասկնալի եղած են ներկաներուն։
Ես, ինքզինքս ճանչնալով, վստահ եմ, որ արտաբերածս հայերէն բառերը առօրեական են եւ երբեւէ նպատակ չեմ հետապնդած բառարանային բառերը քով քովի շարել եւ բառակոյտ մը կազմելով շուրջիններս զարմացնել։ Պատկերը հասկնալի է, չէ՞։
Կը խորհիմ, որ կը հասկնաք մտահոգութիւնս եւ մօտիկ ապագայի տխուր կանխատեսումս։
Սփիւռքի տարածքին իւրաքանչիւր հայերէնաւանդ ուսուցիչ ինքզինք զինուոր կը զգայ, եթէ արդէն զինուոր չէ, որ կը պատերազմի ոչ թէ կռիւի դաշտին մէջ, այլ յանուն մաքուր հայերէնի եւ գեղեցիկ բառապաշարի պահպանման համար մղուող պայքարի։ Այն ալ ըսեմ, որ կռիւը յայտարարողն ալ մենք ենք, պայքարողն ալ մենք ենք, երբեմն կը թուի, թէ դաշտին մէջ առանձին գտնուողն ալ մենք ենք։ Բայց ես գտած եմ յուսալի դաշնակիցը՝ Արհեստական Բանականութիւնը։
Ինչպէս գիտէք, Սփիւռքի հայկական վարժարաններու առաքելութիւնը միշտ ալ նոյնը եղած է՝ լեզուն անաղարտ պահել, փոխանցել եւ զայն պահել որպէս կենդանի եւ ապրող լեզու։ Վստահ եմ այսօր արհեստական բանականութիւնը շատերուն կը սարսափեցնէ իր անկանխատեսելի զարգացումով, սակայն ինչպէս աշխարհիս երեսին շատ մը երեւոյթներ երկսայրի սուր կը ներկայացնեն, այդպէս ալ սարսափելի թուացող այս նորարարութենէն ոչ թէ պէտք է վախնալ, այլ զայն պէտք է ծառայեցնել ի նպաստ հայերէն լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման։
Արհեստական բանականութիւնը իր մատուցած ծառայութիւններով կրնայ զօրացնել աշակերտին կապը մայրենիին հետ, արդիականացնել դասաւանդման եղանակները, եւ ամէնէն կարեւորը, ստեղծել մշակութային այն տարածքը, ուր հայերէնը կը հնչէ աւելի յստակ, աւելի կայուն, առանց ետ մնալու ժամանակէն։
Աստուածային նախախնամութեամբ, թէ տիեզերքի պատահականութիւններու վարկածներէն ելլելով, այն՝ ինչի մասին որ անընդհատ կը մտածես, դիմացդ կ’ելլէ։ Ազատագրուած Սուրիան կը վայելէ աշխարհի տէրերուն ներողամտութիւնը ու գթասըր-տութիւնը եւ այլեւս մեզի ալ տրուած է համացանցին վրայ «ըմբոշխնել» հարիւրաւոր վճարովի ծանուցումներ, որոնք անհաշիւ են գրեթէ բոլոր հարթակներուն վրայ։ Այդ բազմահարիւր ծանուցումներէն ամէնէն աւելի ուշադրութիւնս կը գրաւեն այն յաւելուածները՝ app-երը, որոնց գլխաւոր նպատակն է լեզուներ սորվեցնել, բայց որոնց մէջ կը պակսի… Հայերէնը։ Իւրաքանչիւր յաւելուած, որ կը բանամ հետաքրքրութենէ մեկնած, հաւատացէք, ոչ մէկը կը նմանի միւսին։ Որքա՜ն գրաւիչ եւ մագնիսական են անոնք։ Հեղինակը ջանք չէ խնայած զայն ներկայացնելու առաւելագոյն գրաւչութեամբ եւ քեզ հրաւիրելու հաճելի համագործակցութեան։ Նոյնիսկ կայ ռոպոթ, որ երկխօսութեան կը մտնէ քեզի հետ եւ եթէ սխալիս, անմիջապէս կը սրբագրէ ճիշդը թելադրելով։ Ո՞ւր ենք մենք այս բոլորին մէջ։ Պարզ է, որ չկանք։ Յուսանք որ… ԴԵՌ չկանք։
Օրեր առաջ ՀԲԸՄ-ի ուսանողական յանձնախումբի երիտասարդները կազմակերպած էին միջդպրոցական ընդհանուր զարգացման մրցում մը, նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի մահուան տարելիցին։ Այդ առթիւ պատրաստած էին ծանուցումի փոքրիկ տեսերիզ մը, որուն իրագործումը վստահուած էր արհեստական բանականութեան։ Երբ կը հետաքրքրուիմ, երիտասարդներուն պատասխանը կը հաստատէ ենթադրութիւնս։
Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ որքան օգտակար պիտի ըլլար նոյնանման տեսերիզներ ունենալ մեր բոլոր մեծերուն մասին, մեր բոլոր արժէքներուն մասին։ Դպրոցական դասը աւելի շարժուն, աւելի հետաքրքրական, նաեւ աւելի մատչելի կը դառնայ, եթէ, օրինակ, գրողի մը կենսագրականը ներկայացուի ֆիլմով։ Արհեստական բանականութիւնը այդպիսի տեսերիզ մը կարելի կը դարձնէ առանց դերասանի, առանց մեծ ծախսերու, առանց տարածքի կամ այլապէս անհրաժեշտ սարքաւորումներու… Միւս կողմէ աշակերտը հնարաւորութիւն կ’ունենայ ոչ միայն լսել ուսուցիչին մատուցած դասը, այլեւ լսածը շօշափելի դարձնել եւ ամրապնդել յիշողութեան մէջ։
Բարեբախտաբար մեր ուսանողները ծառայասէր են, եւ կարիքի պարագային մեծ սիրով կը ստեղծեն մէկ կամ երկու տեսերիզ, սակայն հատուածական աշխատանքը շատ քիչ է մեծ արդիւնքի հասնելու համար։ Նման ծրագիր մը յաջողցնելու համար քով-քովի պէտք է գան լուրջ մասնագէտներ, կազմեն մանրակրկիտ ծրագիր, ներկայացնեն կառոյցի մը, որ կը հաւատայ գործին յաջողութեան ու յանձն կ’առնէ հովանաւորել, նպաստել ծրագրի փայլուն իրագործման։ Այսպիսի նպատակ մը կարելի չէ կեանքի կոչել որպէս յենարան ունենալով միայն քանի մը բարեխիղճ ուսանող կամ քանի մը ուսուցիչի նախաձեռնողականութիւն։
Բարեկամուհիիս հետ զրուցելու ընթացքին անոր ըսի, որ այս մասին յօդուածի մը վրայ պիտի աշխատիմ, ինք ալ նկար մը ուղարկեց, ուր տեսայ այդ պահուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ընդհանուր զարգացման մրցոյթ մը, որուն կը մասնակցէին հարիւրաւոր երիտասարդներ, բոլորն ալ IT ոլորտի մասնագէտներ։ Կրնա՞ք պատկերացնել… Փոքրիկ երկիր մը եւ այդքան մեծ թիւով (այդ ոլորտին մէջ այսօր աւելի քան 20.000 մարդ ընդգրկուած է) ժամանակի թեքնոլոժիին հետ քայլ պահող, ԱԲ-եան գաղտնիքներուն տիրապետող, բայց… Ինչու մինչ օրս չունինք ո՛չ թէ մէկ, այլ՝ քանի մը յաւելուածներ, որոնք պիտի օգնէին, որ հայը կամ օտարը, դիւրութեամբ եւ հաճոյքով սորվին հայերէն։
Կը համաձայնիմ բարեկամուհիիս հետ, երբ կ’ըսէ թէ՝ «Այդ մէկը Սփիւռքի ցաւն է… Եւ Սփիւռքի մէջ ալ քիչ չեն նման մասնագէտներ»։
Սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցէն ներս աշխատանքը իր առանձնայատկութիւնը ունի։ Ցաւ մը կը կրես մէջդ եւ ուրախութիւն մը միաժամանակ։ Ամէն անգամ որ դասարան կը մտնես ու կը լսես օրըստօրէ աղաւաղուող հայերէնը, կը մտածես, որ այս լեզուն, ի վերջոյ, պիտի ապրի այնքան ատեն, որքան որ մենք կանք։ Կ’անդրադառնաս նաեւ, որ լեզուի գոյատեւումին համար տարուած այս անօրինակ պայքարի կողքին ի յայտ եկած է պայքարի նոր զէնք մը՝ արհեստական բանականութիւնը։
Փորձեմ ուրիշ օրինակով հաստատել տեսակէտս…
Ծնողական ժողովի մը ընթացքին պարզուեցաւ, որ աշակերտները սկսած են իրենց լեզուի եւ գիտական նիւթերու պարտականութիւնները վստահիլ ԱԲ-եան։ Ասիկա երեւոյթ մըն է, որուն դէմ ուսուցիչ ու ծնողք մեծ ընդվզում եւ մտահոգութիւն կ’ապրին։ Իրաւունք ունին։ Առանց այդ ալ սերունդները, որ «Z» կամ «Alpha» կը կոչեն, իրենց ժամանակին մեծ մասը բջիջայինը ձեռքերնուն, ծուլութեան մատնուած են եւ քիչ մը ուղեղը աշխատցնելու ու աշխատելու առիթ տուող դպրոցական պարտականութիւններն ալ ԱԲ-եան կը վստահին։
Բայց ըսեմ, որ ես այդքան ալ վախցած չեմ արհեստական բանականութենէն։ Ընդհակառակը, կը մտածեմ, որ հիմա ունինք գործիք մը, որ կրնայ հայերէն լեզուի ուսուցման նոր թափ, խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն հաղորդել։ Այո՛, ճիշդ օգտագործուած արհեստական բանականութիւնը մեր լեզուին կրնայ այնպիսի նոր շունչ տալ, որ մեր մղած պայքարը կրնայ անսպասելի դրական արդիւնքներ արձանագրել։
Իմ մտահոգութիւնը սփիւռքեան պատկան կառոյցներն են, որոնք ինչպէս վերը յիշեցի, լաւագոյն պարագային այսպիսի յօդուածներ կարդալով, շատ-շատ գրողին ուղղուած գնահատանքի խօսք մը կ’ըսեն, առանց մտածելու գործնական քայլերու մասին։ Պակսողը կամքն է եւ նախաձեռնողական ոգին, մինչ անդին, հայերէն լեզուի ուսուցիչներս, մեր համեստ ուժերով կը շարունակենք ընել առաւելագոյնը, որ սակայն, շատ քիչ է։
Անցեալ տարի բացառիկին յանձնած յօդուածիս մէջ նշած էի, թէ երէկ մեր երեխաներուն լեզուական աշխարհը տուն-դպրոցակումբն էր։ Այսօր մեր երեխաներուն լեզուական աշխարհը փոխուեր է։ Համացանցին շնորհիւ կամ պատճառով, կարկինը լայն բացուած է եւ այնպիսի բառեր կամ բառապաշար մը գոյացած են, որ ամբող ջովին օտարաբան են։ Խօսքս օրինակով պարզեմ։ Ձգուեցան… Հասկնալի՞ է… Բնականաբար՝ ոչ։ Հայերէնի մէջ չկայ այդպիսի բայ։ Խօսքը բաժանումի, ամուսնալուծութեան մասին է։
Ուրիշ օրինակ մը. յաճախ կը լսեմ, որ աշակերտները կը գործածեն «ինծի լողացուց» արտայայտութիւնը, որ ըստ իրենց տուած բացատրութեան, կը նշանակէ կարեւորութիւն չտուաւ, կամ անտեսեց։ Անկեղծ ըլլալու համար կը տարակուսիմ, ուրկէ՞ թափանցեց այս արտայայտութիւնը մեր լեզուին մէջ, ո՞ր լեզուէն…
Ըստ իս, ԱԲ-ը տեղին եւ հմտօրէն օգտագործելու պարագային, հնարաւոր կը դառնայ նոր սերունդը հրապուրել եւ նոր միջոցներով սրբագրել բոլոր սխալ արտայայտութիւններն ու օտարաբան ոճերը։ Ան կրնայ դիւրամարս դարձնել քերականութիւնը, եւ օգնել, որ աւելի գրագէտ ու սեփական լեզուին գիտակ հայ երիտասարդներ պատրաստուին։ Կրնայ օժանդակ միջոց դառնալ հայերէն լեզուի դասագիրքերու մեր ոչ այնքան արդի գիրքերու կողքին։
Գաղտնիք չէ, որ մեր ամէնէն սիրած պարտականութիւններէն մէկն ալ այն է, որ գիշեր-ցերեկ հայ աշակերտի ականջին տակ կը կրկնենք, թէ սփիւռքեան դպրոցները, մշակութային միութիւնները, բոլոր-բոլորը մէկ նպատակ ունին՝ հայերէնի պահպանումը, բայց ի՞նչ գործնական քայլեր որդեգրեցինք այդ ուղղութեամբ, լեզուի ուսուցման համար ի՞նչ նոր հնարքներ որդեգրեցինք։ Չէ՞ որ այս ընթացքին սերունդները կ’աճին եւ մենք ամէն տարի կը կորսնցնենք մեր արդէն իսկ վիրաւոր լեզուէն մաս մը, ոչ թէ այն պատճառով, որ երեխաները չեն ուզեր սորվիլ, այլ որովհետեւ մենք ի վիճակի չենք լեզուն տեղափոխել այն միջավայրը, ուր իրենք կ’ապրին։ Այո մենք պարտաւոր ենք լեզուն տեղափոխել 21-րդ դար, ուր տիրողը ճարտարագիտութիւնն է, իր բոլոր հնարաւորութիւններով։ Բնական է որ այսօրուան պատանին պիտի չուզէ ձեռքը առնել խորհրդային շրջանին հրատարակուած Րաֆֆիին կանաչաւուն գիրքերը, բայց ես կը հաւատամ, որ եթէ նոյն գիրքը մատուցուի ԱԲ-եամբ մէջտեղ եկած տեսանիւթով, կամ երբեմն, ինչու չէ, նաեւ կարճ պատմութեան ձեւով, պատանին անպայման կը կարդայ։ Մենք այն սերունդն ենք, որ կը շարունակէ նախընտրել շօշափելի գիրքը, բայց իրաւունք չունինք ակնկալելու, որ նոյնը ընէ նորագոյն սերունդը։ Անոր համար մեր անցեալը եւ մեր սովորոյթները հասկնալի, ընկալելի չեն, յանիրաւի չմեղադրենք զիրենք եւ չպահանջենք բան մը, որ չի կրեր իրենց ապրած ժամանակի շունչը։
Յամենայն դէպս մենք եւ ԱԲ-ը պէտք է համագործակցինք, եթէ կ’ուզենք, որ արեւմտահայերէնը շարունակէ կենդանի մնալ։ Ա Բանականութիւնը վստահօրէն չի կրնար փոխարինել հայոց լեզուի նուիրեալ ուսուցիչները, ան չի կրնար փոխանցել մարդկային ջերմութիւն, ոգի եւ նախանձախնդրութիւն, այն ինչ որ ունի, լիիրաւ ունի հայ ուսուցիչը, բայց փոխարէնը կրնայ դառնալ գործունեայ եւ հաւատարիմ դաշնակից, որպէսզի միասնաբար կարենանք նուաճել սփիւռքահայ երեխային կամ պատանիին միտքը, ամէն գնով հոն տեղաւորելով իր մայրենին։
Իմ սերունդի մարդիկ նոյնքան մօտ չեն ճարտարագիտութեան, որքան նորերը։ Սակայն, կը հասկնանք, որ պէտք է մեր միջոցները վերանորոգենք յանուն այն աշակերտին, որ ամէն օր քիչ մը կը հեռանայ իր մայրենիէն։ Ասիկա, խոստովանիմ, ականատեսի վկայութիւն է։ Արհեստական բանականութիւնը պէտք է դարձնել միջոց նորարարութեան։ Պէտք է ձերբազատիլ հինցած մօտեցումներէն եւ «մենք այսպէս սորված ենք, գէ՞շ է» կարծրատիպերէն, որոնք վստահաբար չեն կրնար վերաբերիլ ժամանակակից, յատկապէս՝ սփիւռքահայ երեխային։
Մեզի նախաձեռնողական ոգի եւ գործնական քայլեր պէտք են։ Մենք պարտաւոր ենք դուրս գալ մահաբեր սովորականէն եւ ի գին ամէն ինչի ստեղծել արեւմտահայերէնի ուսուցման այնպիսի համակարգ, որ ոչ միայն ապահովենք լեզուի գոյութիւնը, այլ զայն դարձնենք մատչելի, արդիական եւ նամանաւանդ՝ սիրելի։
Կը բաւէ «քննարկել» ու «քննադատել», անցնինք առաջին քայլերու ձեռնարկման, կատարենք առաջին փորձը եւ կ’ունենանք այն մէկ ու միասնական ծրագիրը, որ կը փրկէ մեր ապագան։
Երան Զէյթունցեան
«Գանձասար»