Լրատուական աղբիւրներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները Lebanon 24 կայքը կը գրէ, շատ հաւանական է, որ Թրիփոլի քաղաքին մէջ սկսած է գործել կիներէ բաղկացած գողութեան խմբակ մը։
Կայքը մանրամասնութիւններ ներկայացնելով կը նշէ, որ Թրիփոլի քաղաքի ոսկիի շուկային մէջ, ուր հարիւրաւոր խանութներ քով-քովի ոսկիի առեւտուրով կը զբաղին, քանի մը կիներ մտած են խանութներէն մին եւ ներկայացած ոսկեղէն գնելու մտադրութեամբ։ Ապա անոնցմէ մի քանին յաջողած են շեղել ոսկերիչին ուշադրութիւնը, իսկ միւսը կրցած է գողնալ ոսկեայ շղթայ մը:Խանութի տեսախցիկը արձանագրած է եղելութիւնը:
Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական բաւականին ծանր եւ բարդ պայմաններուն հետեւանքով գողութեան դէպքերը սկսած են կրկնապատկուիլ, եւ օրինապահ մարմիններ տարբեր առիթներով ալ կը յայտարարեն, որ հակառակ տարուած մեծ ճիգերուն գողութեան դէպքերը սկսած են համատարած բնոյթ ստանալ։