Պոլսոյ մէջ, օրերս, պատմական Անի մայրաքաղաքի ճարտարապետութեան եւ մշակութային յիշողութեան նուիրուած հետաքրքրական բանախօսութիւն տրուած է՝ «ՀայՃար» միութեան կազմակերպութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«ՀայՃար»ի կազմակերպութեամբ հետաքրքրական բանախօսութիւն մը սարքուեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի դահլիճին մէջ, որպէս նիւթ ունենալով պատմական Անի մայրաքաղաքի ճարտարապետութիւնն ու մշակութային յիշողութիւնը։ Մեծաթիւ մասնակիցներ հետեւեցան հրապարակային զրոյցին, որու բանախօսներն էին՝ Դոկտ. Էլմոն Հանչէր, Նեզիհ Պաշկելէն, Ալին Փոնթիօղլու եւ Վետաթ Աքչաէօզ, իսկ զրուցավարը՝ Նորա Հիսարլը։
Բանախօսները անդրադարձան Անիին՝ իր պատմական, ճարտարապետական ու մշակութային երեսակներով, նաեւ առիթ ստեղծեցին որպէսզի ներկաները եւս իրենց հետ միասին մտածեն ու քննարկեն բազմաշերտ ժառանգութիւնը։