image

Թրամբ ափսոսանք կը յայտնէ

Թրամբ ափսոսանք կը յայտնէ

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով, Ուաշինկթըն չափազանց շատ գումար կը յատկացնէ Ուքրանիոյ՝ համեմատած եւրոպական երկիրներու։ Այդ մասին ան յայտարարած է շաբաթ օր՝ ելոյթ ունենալով Ֆլորիտայի մէջ՝ ուսանողական համաժողովին։

«Եթէ նայիք Ուքրանիոյ, մենք անոնց աւելի քան 60 միլիառ տոլար տուած ենք: Եւրոպական երկիրները, որոնք ակնյայտօրէն աւելի շատ տուժած են, քան մենք, տուած են այս գումարի միայն չնչին մասը: Բայց մենք ունինք 35 թրիլիոն տոլար պարտք, մենք խնդիրներ ունինք, եւ գումար կը տրամադրենք»,- ըսած է ան։

Թրամբ կրկնած է այն պնդումը, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը տեղի չէր ունենար, եթէ ինք ըլլար ԱՄՆ նախագահը: