image
Հրատապ լուրեր:

Յայտարարութիւններն ափսոսանք կ՚առաջացնեն․ Պաքուն արձագանգած է Փաշինեանի ասուլիսին

Յայտարարութիւններն ափսոսանք կ՚առաջացնեն․ Պաքուն արձագանգած է Փաշինեանի ասուլիսին

Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնները, որոնք կը հակասեն կարգաւորման, ափսոսանք կ'առաջացնեն։

Յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէ՝ մեկնաբանելով 31 օգոստոսին կայացած մամուլի ասուլիսին Ատրպէյճանի վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնները։

«Մեղադրանքները, թէ Ատրպէյճանի սահմանադրական գործին մէջ տարածքային պահանջներ կան Հայաստանէն, կատարելապէս կեղծ են։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւններու միջեւ զուգահեռներ կատարելու, անոնց միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու փորձերն անընդունելի են», - յայտարարած է Հաճիզատէ։