image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը Պաղեստինին խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կը մաղթէ. Իրանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ

Հայաստանը Պաղեստինին խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կը մաղթէ. Իրանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ

Հայաստանը Պաղեստինի Անկախութեան օրուան առիթով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում մաղթած է Պաղեստինի ժողովուրդին։ Ի պատասխան՝ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է հայկական կողմին՝ Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած համերաշխութեան համար։

«Հայաստանը Պաղեստինի կառավարութեան եւ բարեկամ ժողովուրդին կը մաղթէ խաղաղութեան հաստատում եւ բարգաւաճ ապագայ», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան՝ X ընկերային ցանցի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը վերահրապարակած է հայկական կողմին ուղերձը՝ ընդգծելով, թէ Թեհրան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի համերաշխութիւնը Պաղեստինի ժողովուրդին հետ։

«Իրանը կը շարունակէ զօրակցիլ Պաղեստինի ժողովուրդին՝ ինքնորոշման, ազատութեան եւ անկախութեան անքակտելի իրաւունքներուն», յայտարարած է Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը։