image

«Թիք-թոք»ի վրայ բացայայտ զեղծարարութիւն

«Թիք-թոք»ի վրայ բացայայտ զեղծարարութիւն

Ներքին գործոց նախարարութեան կիպեռոստիկանութենէն կը զգուշացնեն, որ «ԹիքԹոք» ընկերային հարթակին վրայ կը տարածուին հրապարակումներ, որոնց մէջ Հայաստանի քաղաքացիներուն կ՚առաջարկուի իբրեւ թէ «պետական հիմնադրամէն» ստանալ 350 հազար դրամի նիւթական օժանդակութիւն՝ սահմանափակ ժամանակահատուածի ընթացքին յղումով անցնելով եւ դիմում ներկայացնելով։

Սակայն իրականութեան մէջ յանցագործները այս խարդախութեան միջոցով կը փորձեն տիրանալ ձեր «Թելեկրամ» հաշիւին՝ զրկելով ձեզ անոր հետագայ հասանելիութենէն։ Աւելին՝ գրաւուած հաշիւը կրնայ օգտագործուիլ նաեւ այլ յանցաւոր գործողութիւններու համար, ներառեալ՝ շորթում, խարդախութիւն եւ այլ քաղաքացիներու նկատմամբ նմանատիպ խարդախ սխեմաներու կիրարկում։

Կը յորդորենք ձեզ՝

  • չանցնիլ կասկածելի յղումներով,
  • չլրացնել անծանօթ կայքերու մէջ առաջարկուող դիմումները,
  • չտրամադրել «Թելեկրամ»ի մուտքի կամ կարճ հաղորդագրութեամբ (SMS) ստացուած հաստատման ծածկագիրները։

Պետական աջակցութեան ծրագիրներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները ստուգեցէք բացառապէս համապատասխան պետական մարմիններու պաշտօնական աղբիւրներով։

Մի՛ վստահիք անծանօթ աղբիւրներէ տարածուող նիւթական առաջարկներուն եւ պահպանեցէք ձեր հաշիւներուն անվտանգութիւնը։