Ներքին գործոց նախարարութեան կիպեռոստիկանութենէն կը զգուշացնեն, որ «ԹիքԹոք» ընկերային հարթակին վրայ կը տարածուին հրապարակումներ, որոնց մէջ Հայաստանի քաղաքացիներուն կ՚առաջարկուի իբրեւ թէ «պետական հիմնադրամէն» ստանալ 350 հազար դրամի նիւթական օժանդակութիւն՝ սահմանափակ ժամանակահատուածի ընթացքին յղումով անցնելով եւ դիմում ներկայացնելով։
Սակայն իրականութեան մէջ յանցագործները այս խարդախութեան միջոցով կը փորձեն տիրանալ ձեր «Թելեկրամ» հաշիւին՝ զրկելով ձեզ անոր հետագայ հասանելիութենէն։ Աւելին՝ գրաւուած հաշիւը կրնայ օգտագործուիլ նաեւ այլ յանցաւոր գործողութիւններու համար, ներառեալ՝ շորթում, խարդախութիւն եւ այլ քաղաքացիներու նկատմամբ նմանատիպ խարդախ սխեմաներու կիրարկում։
Կը յորդորենք ձեզ՝
Պետական աջակցութեան ծրագիրներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները ստուգեցէք բացառապէս համապատասխան պետական մարմիններու պաշտօնական աղբիւրներով։
Մի՛ վստահիք անծանօթ աղբիւրներէ տարածուող նիւթական առաջարկներուն եւ պահպանեցէք ձեր հաշիւներուն անվտանգութիւնը։