image
Հրատապ լուրեր:

Թեհրանի մէջ եռակողմ հանդիպում

Թեհրանի մէջ եռակողմ հանդիպում

Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին Թեհրանի մէջ իր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը:

Իրանեան դիւանագիտութեան ղեկավարին խօսքով` եռակողմ հանդիպում կայացնելու պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է անցեալ տարի` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպման ժամանակ: