image

Ճարտար որսորդին տխուր մահը. Արկածի հետեւանքով մահացած է Յարութ Գազազեանը

Ճարտար որսորդին տխուր մահը. Արկածի հետեւանքով մահացած է Յարութ Գազազեանը

Ժըպէյլի հայութեան շրջանակները ցնցուած են շրջանի երիտասարդ ընտանիքի հայր Յարութ Գազազեանի անակնկալ մահով։ 

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ժըպէյլի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ Յարութ Գազազեան զոհ գացած է արկածի մը։ Ան  գտնուած է  «Թռչնոց բոյն»ի  կից եղող  պարտէզին  մէջեւ ծառահատութեան պահուն մնացած է կոտրուած ծառի արանքը, որուն հետեւանքով ալ երկար ժամանակ մնացած է գրեթէ անշարժութեան մատնուելով։ 

Վրայ հասած է փրկարարներու խումբ մը, որոնք յաջողած են Յարութը դուրս բերել ու զինք փոխադրել հիւանդանոց։ 

 Աւելի ուշ կը պարզուի, որ ծանր ճնշումի տակ մնացած Յարութը ստացած է  սրտի կաթուած ու մահացած է։

 Շրջանի հայութեան համար սիրելի ընկեր եւ բոլորին եղբայր նկատուող Յարութ արմատներով Քեսապէն էր։

Ընկերային, նուիրեալ իր փոքր ընտանիքին տէր ու հայր (Ան ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակաց) ու նաեւ հայ եւ օտար շրջանակներուն մէջ ճարտար որսորդի համբաւով մեծ յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւն էր Յարութը։

Յարութ նաեւ գաղափարի մարտիկ էր, անդամ էր ՀՅԴ-ին եւ որպէս կուսակցական ընկեր մաս կը կազմէ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան։

Վարպետ որսորդին, հողն ու բնութիւնը սիրող Յարութի վերջին յարգանքի եւ յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են իր հայրենի օճախ՝ Քեսապի մէջ։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք կարճ տեսանիւթ մը, որ քաղած են հանգուցեալի էջէն, եւ ուր երեւելի կը դառնայ, անոր ճարտար որսորդի հմայքն ու զօրութիւնը։