image

Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութիւնները Սուրբ Ծնունդին հանգստեան օրեր յայտարարած են

Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութիւնները Սուրբ Ծնունդին հանգստեան օրեր յայտարարած են

Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պաշտօնապէս կաթոլիկ Սուրբ Ծնունդը նշելու օրերը երկրին մէջ հանգստեան օրեր յայտարարած են, քաղծառայողները պիտի հանգստանան դեկտեմբեր 25-ին եւ 26-ին։

Պիտի շարունակեն աշխատիլ միայն այն հիմնարկներն ու մասնագիտացուած բաժինները, որոնց գործունէութիւնն անհրաժեշտ է։

Երեքշաբթի, սակայն, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Դամասկոսի մէջ՝ հիմնական քրիստոնեաներով բնակեցուած շրջաններու մէջ, հաղորդած են արեւմտեան լրատուամիջոցները:

Ցուցարարները փողոց դուրս եկած են, երբ համացանցի մէջ յայտնուած է տեսանիւթ, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս խումբ մը մարդիկ Սուրիոյ կեդրոնական Համա քաղաքի մօտ կ՚այրեն տօնածառը:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները պահանջած են ապահովել քրիստոնեաներու իրաւունքները։ «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»ը յայտարարած է, որ Սուրբ Ծննդեան խորհրդանիշը հրկիզողները «սուրիացի չեն», եւ խոստացած է պատժել մեղաւորները: