image

Արեւմուտքը որս յայտարարած է Ռուսիոյ քաղաքացիներու նկատմամբ. Զախարովա

Արեւմուտքը որս յայտարարած է Ռուսիոյ քաղաքացիներու նկատմամբ. Զախարովա

Արեւմտեան շարք մը երկիրներ ամբողջ աշխարհի մէջ «բառացիօրէն որս յայտարարած են» Ռուսիոյ քաղաքացիներուն դէմ, եւ Հայաստանը բացառութիւն չէ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ներկայացուող մեղադրանքները յաճախ որեւէ առնչութիւն չունին իրականութեան հետ։ Ինչ կը վերաբերի մասնաւորապէս Հայաստանին, Մոսկուա տակաւին անցեալ տարի հայ գործընկերներուն առաջարկած էր այս հարցին իրաւական կարգաւորման տարբերակ՝ երկկողմանի համաձայնագիրի ստորագրման միջոցով, սակայն մինչեւ օրս պատասխան չէ ստացած։

Զախարովա յայտնած է, որ Երեւանին ներկայացուած համաձայնագիրի նախագիծին մէջ հաշուի առնուած էին նաեւ հայկական կողմին առաջարկներն ու փափաքները։

«Ռուսիոյ քաղաքացիները պէտք չէ դառնան քաղաքական իրադրութեան պատանդները։ Հետեւաբար, այս հարցը պիտի շարունակենք պահել յատուկ վերահսկողութեան տակ եւ մեր առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրենք անոնց ազատ արձակման համար», նշած է ան։

Աւելի վաղ, Վալենթինա Մաթվիենքոյի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկուած էր, որ եթէ Հայաստանի մէջ շարունակուին Ռուսիոյ քաղաքացիներու ձերբակալութիւնները, կրնան ռուսաստանցիներուն խորհուրդ տալ ձեռնպահ մնալ Հայաստան այցելելէ։