Ռուսական անօդաչու սարքերը թիրախային հարուածներ հասցուցած են Սումիի մարզի Շոստքայի ուղեւորատար գնացքներուն՝ կիրառելով «կրկնակի հարուած»ի մարտավարութիւն: Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պէտք է խստացուին, յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա:
«Ասոնք ռուսական անօդաչու սարքերու թիրախային եւ դիտաւորեալ հարուածներ էին Սումիի մարզի Շոստքայի ուղեւորատար գնացքներուն: Ոչ թէ մէկ, այլ երկու հարուած անընդմէջ: Ասիկա Ռուսիոյ ամենադաժան մարտավարութիւններէն մէկն է՝ այսպէս կոչուած «կրկնակի հարուած», ուր երկրորդ հարուածը կը հարուածէ փրկարարներն ու տարհանուածները», - ըսած է ան:
Ան նշած է, որ ռուսական ուժերը պէտք է վճռական պատասխան ստանան իրենց «քաղաքացիական անձերուն նկատմամբ դիտաւորեալ եւ դաժան ահաբեկչութեան» համար, որ կը պահանջէ նոր եւ աւելի խիստ պատժամիջոցներ:
«Փութին պէտք է զգայ այս պատերազմի շարունակման անձնական վտանգը իր եւ իր ռեժիմի համար», - յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը: