image

Սումիի դէմ եղած հարուածներէն ետք Ուքրանիա «հաշիւ պահանջել»ու կոչ ըրաւ Ռուսիայէն

Սումիի դէմ եղած հարուածներէն ետք Ուքրանիա «հաշիւ պահանջել»ու կոչ ըրաւ  Ռուսիայէն

Ռուսական անօդաչու սարքերը թիրախային հարուածներ հասցուցած են Սումիի մարզի Շոստքայի ուղեւորատար գնացքներուն՝ կիրառելով «կրկնակի հարուած»ի մարտավարութիւն: Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պէտք է խստացուին, յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա:

«Ասոնք ռուսական անօդաչու սարքերու թիրախային եւ դիտաւորեալ հարուածներ էին Սումիի մարզի Շոստքայի ուղեւորատար գնացքներուն: Ոչ թէ մէկ, այլ երկու հարուած անընդմէջ: Ասիկա Ռուսիոյ ամենադաժան մարտավարութիւններէն մէկն է՝ այսպէս կոչուած «կրկնակի հարուած», ուր երկրորդ հարուածը կը հարուածէ փրկարարներն ու տարհանուածները», - ըսած է ան:

Ան նշած է, որ ռուսական ուժերը պէտք է վճռական պատասխան ստանան իրենց «քաղաքացիական անձերուն նկատմամբ դիտաւորեալ եւ դաժան ահաբեկչութեան» համար, որ կը պահանջէ նոր եւ աւելի խիստ պատժամիջոցներ:

«Փութին պէտք է զգայ այս պատերազմի շարունակման անձնական վտանգը իր եւ իր ռեժիմի համար», - յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը: