Շուշիի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մասին ամենօրեայ տեղեկագրով։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ տուժածներ չկան։ «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ այս փաստի առնչութեամբ։
Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։