Ուքրանիա հրադադարի վերաբերեալ չորս առաջարկ ստացած է Հնդկաստանէն, Թուրքիայէն, Եգիպտոսէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհան։
«Կայ չորս առաջարկ։ Ամէնէն ընդգրկուն առաջարկը Հնդկաստանէն է։ Հնդկաստան առաջարկած է դերակատարութիւն ունենալ։ Մենք ներկայացուցած ենք մեր տեսլականը՝ հիմնուած մեր տրամաբանութեան եւ այն ընկալման վրայ, թէ ինչպէս այս ամբողջը պէտք է տեղի ունենայ։ Մենք պատրաստ ենք ուժանիւթի եւ Սեւ ծովու մէջ հրադադարի, բայց միայն այդ համադրութեամբ», -ըսած է Սիպիհան։
«Ինչ կը վերաբերի ուժանիւթին, ապա պէտք է ըլլայ ամբողջական ուժանիւթի հրադադար՝ դադրեցնելով յարձակումները բոլոր ուժանիւթային կառոյցներուն, ներառեալ նաւահանգիստներու ենթակառոյցներուն դէմ», աւելցուցած է ան։
Սիպիհան նաեւ նշած է, որ եւս երկու առաջարկ կայ՝ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի կողմէ, որոնք բովանդակութեամբ նման են։ Անոնք կը վերաբերին ցորենին՝ Սեւ ծովու մէջ պարէնային հրադադարին։
Չորրորդ առաջարկը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ներկայացուած ուժանիւթի հրադադարի առաջարկն է, որ քննարկուած է նախագահներ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման ընթացքին։