image
Հրատապ լուրեր:

Շուշիի մէջ հրադադարի խախտում

Շուշիի մէջ հրադադարի  խախտում

Շուշիի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մասին ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ։

Տուժածներ չկան։ «Ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։

Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին վրայ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։