image

Շուէտի մէջ. Յանուն Արցախի ինքնաշարժներով երթ

Շուէտի մէջ. Յանուն Արցախի ինքնաշարժներով երթ

Շուէտի հայ համայնքը խումբ մը աքթիւիսթներու նախաձեռնութեամբ 9 սեպտեմբերին իրագործած է ինքնաշարժներով երթ ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ սատարելով շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի հայութեան՝ ինքնաշարժներով երթի մասնակիցները կոչ ըրած են եւրոպական երկիրներուն կոտրելու անընդունելի լռութիւնն ու վերջապէս լուսաբանելու եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ միջոցներ ձեռնարկել`կանխելու Արցախի մէջ իրականացուող էթնիք զտումն ու հերթական ցեղասպանութիւնը։

Սոտերթելիէի հաւաքատեղիին մէջ Տէր Վաղարշ Իսախանեանի օրհնութիւնը ստանալէ ետք ինքնաշարժները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ու պաստառներով E4 ճանապարհով ուղեւորուած են Սթոքհոլմ։ Կազմակերպիչներն իրենց կոչով յորդորած են ինչպէս համայն աշխարհի պետական ատեանները, այնպէս ալ աշխարհասփիւռ հայութիւնը լուռ չմնալու եւ հնարաւոր բոլոր տարբերակներով պայքարելու հայրենի հողին վրայ ապրելու հայու իրաւունքի համար։