image

Շիիթներ «գրաւած են» Ատրպէյճանի դեսպանատունը Լոնտոնի մէջ

Շիիթներ «գրաւած են» Ատրպէյճանի դեսպանատունը Լոնտոնի մէջ

4 օգոստոս 2022-ին, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն ներխուժած են խումբ մը շիիթ իսլամներ։ 

Խումբի անդամները վար առած են Ատրպէյճանի դրօշը, եւ դեսպանատան շէնքի պատշգամբին բարձրացուցած են կրօնական դրօշներ եւ վանկարկած են կրօնական կարգախօսներ։

 

Նշենք, որ կատարուածի պատասխանատւութիւնը ստանձնած է «Մահտիի ծառաներու միութիւն» շիիթ կազմակերպութիւնը։

Ըստ Metro-ի՝ այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է Լոնտոնի մէջ եւ կը համախմբէ որոշ շիիթ իսլամներ։ 

Անդրադառնալով դեսպանատուն ներխուժման շարժառիթին, ապա խումբի անդամները վկայակոչած են  Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ երկրին մէջ որոշ շիիթ իսլամներու նկատմամբ հալածանքները: Յայտարարութեան մէջ խումբը նշած է, որ իրենց առաջնորդը հրահանգած է «հրատապ գործողութիւններ ձեռնարկել» Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ։

Դեպքի առնչութեամբ ձերբակալուած է ութ մարդ: