image

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ լայնածաւալ թունաւորումներ. Կան տասնեակ տուժածներ

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ լայնածաւալ թունաւորումներ. Կան տասնեակ տուժածներ

Ս. Փեթերսպուրկի Grand Bianco ճաշարանին մէջ թունաւորուածներու թիւը հասած է 95-ի:

«Յունիս 24-էն յունիս 29-ը ինկած ժամանակահատուածին 95 մարդ (76 երեխայ եւ 19 չափահաս) տուժած է «Grand Bianco» ճաշարանի կողմէ անորակ ծառայութիւններու մատուցումէն», -ըսուած է «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ի քաղաքային վարչութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

30 Յունիսի դրութեամբ Ս. Փեթերսպուրկի վարակային հիւանդանոցներուն մէջ հինգ երեխայ եւ մէկ չափահաս բուժում կը ստանայ։

Աւելի վաղ քաղաքային դատարաններու միացեալ մամուլի ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ ճաշարանի այցելուներու մօտ գրանցուած է սուր աղիքային վարակի 50 դէպք։ Տուժածները ճաշարանին մէջ երեկոյթներ կազմակերպած էին դպրոցը աւարտելու կապակցութեամբ։

Քույպիշեւի շրջանային դատարանը 90 օրով կասեցուցած է ճաշարանի աշխատանքը։ Հաստատութենէն ներս յայտնաբերած են բազմաթիւ առողջապահական խախտումներ։