image

Երեւանի մէջ փլուզում եւ տուժածներ

Երեւանի մէջ փլուզում եւ տուժածներ

Հոկտեմբեր 28-ին, ժամը 18։17-ին, Ներքին գործոց նախարարութեան 112 արագ արձագանգման կառավարման կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Երեւանի Երուանդ Օտեան փողոցի տուներէն մէկուն մէջ փլուզում տեղի ունեցած է։ Կան տուժածներ։

Դէպքի վայր մեկնած են Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան Երեւանի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատի մէկ մարտական խումբ, ինչպէս նաեւ Փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական, հոգեբանական աջակցութեան եւ բժշկական ապահովման վարչութեան հերթապահ խումբերը։

Փլատակներէն դուրս բերուած է երկու քաղաքացի, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են։