Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները սահմանազատումը սկսելու համար:
Միաժամանակ, ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ երէկ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է, որ սահմանազատումը յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւոր բաղադրիչ է, եւ Պաքուն հանդէս կու գայ զայն անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու սկսելու օգտին։
«Ատրպէյճանը կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը եւ կազմակերպութեան հետ համատեղ իրականացուող նախագիծերը, մասնաւորապէս՝ ճանապարհային կապերու զարգացման, կանաչ ուժանիւթի, բնապահպանական հարցերու շուրջ։ Ատրպէյճանը շահագրգռուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի մասնակցութեամբ այն նախագիծերուն մէջ, որոնք կը վերաբերին ներկայիս յետպատերազմեան շրջանին, մասնաւորապէս՝ տարածաշրջանին մէջ շինարարութեան եւ վերահամալրման գործընթացներուն», ըսած է Պայրամով: