Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Պետդումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին յայտնած է, որ 5 փետրուարէն սկսեալ ուժի մէջ պիտի մտնեն գաղթի քաղաքականութեան կատարելագործման հետ կապուած հերթական փոփոխութիւնները:
«Պիտի գործէ օրէնք, որ կը նախատեսէ անօրինական ներգաղթեալներու արտաքսման ռեժիմ։ Անոնք, որոնք չեն համապատասխաներ Ռուսիոյ Դաշնութեան օրէնսդրութեան կամ կորսնցուցած են այստեղ օրինական մնալու իրաւունքը, պէտք չէ ըլլան մեր երկրին մէջ: Այս միջոցառումն ուղղուած է անվտանգութեան բարձրացման»,- նշած է Վոլոտին։
Բացի այդ՝ վարչական պատասխանատուութիւն պիտի սահմանուի երկիր մուտք գործելու կամ երկրէն դուրս ելլելու կանոնները խախտելու եւ այլ իրաւախախտումներու համար: