image

Ռուսիոյ մէջ պիտի սկսի գործել ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսման ռեժիմը. Վոլոտին

Ռուսիոյ մէջ պիտի սկսի գործել ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսման ռեժիմը. Վոլոտին

Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Պետդումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին յայտնած է, որ 5 փետրուարէն սկսեալ ուժի մէջ պիտի մտնեն գաղթի քաղաքականութեան կատարելագործման հետ կապուած հերթական փոփոխութիւնները:

«Պիտի գործէ օրէնք, որ կը նախատեսէ անօրինական ներգաղթեալներու արտաքսման ռեժիմ։ Անոնք, որոնք չեն համապատասխաներ Ռուսիոյ Դաշնութեան օրէնսդրութեան կամ կորսնցուցած են այստեղ օրինական մնալու իրաւունքը, պէտք չէ ըլլան մեր երկրին մէջ: Այս միջոցառումն ուղղուած է անվտանգութեան բարձրացման»,- նշած է Վոլոտին։

Բացի այդ՝ վարչական պատասխանատուութիւն պիտի սահմանուի երկիր մուտք գործելու կամ երկրէն դուրս ելլելու կանոնները խախտելու եւ այլ իրաւախախտումներու  համար: