Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները տնտեսութեան մէջ շատ լաւ կը զարգանան, Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովին աշխուժ շփումներ եղած են գործընկերներու հետ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Տնտեսական ոլորտի մէջ յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան։ Մենք մշտապէս կապի մէջ ենք, այդ շարքին՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս աշխուժօրէն շփուած ենք գործընկերներու հետ։
Այդ պատճառով Ատրպէյճանի հետ տնտեսական առումով յարաբերութիւնները բնականոն կը զարգանան, ինչպէս եւ ծրագրուած էին»,-ըսած է Օվերչուքը։