image

Ալիեւ եւ Հերցոկ քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները

Ալիեւ  եւ Հերցոկ քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ։

Իսրայէլի նախագահը շնորհաւորած է Ատրպէյճանը՝ Ասիոյ մէջ Փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու վերաբերեալ Խորհրդակցութիւնը նախագահելու առիթով։

Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ Ատրպէյճան, որպէս նախագահող երկիր, կը շարունակէ իր ջանքերը՝ ուղղուած փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ ձեւաչափին մասնակից պետութիւններու միջեւ գործնական համագործակցութեան զարգացման։

Հանդիպման ընթացքին միտքերու փոխանակում կատարուած է Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերու շուրջ։