image

Նարեկ Կարապետեանը բարձրացուցած է գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն ստեղծելու հարցը

Նարեկ Կարապետեանը բարձրացուցած է գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն ստեղծելու հարցը

Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանը բարձրացուցած է գիւղատնտեսութեան ոլորտի կառավարումը մէկ մարմնի մէջ կեդրոնացնելու եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն ստեղծելու հարցը։

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Առնակ Աւետիսեանը պատասխանած է, որ այդ ուղղութեամբ փոփոխութիւններ չեն նախատեսուիր։

Հարցը քննարկուած է Պետական գոյքի կառավարման եւ Ջրային կոմիտէներու անուանումներն ու ենթակայութիւնը փոխելու վերաբերեալ օրէնսդրական փաթեթի քննարկման ընթացքին։

Կարապետեանը նշած է, որ գիւղատնտեսական հողերու ոռոգման համակարգին մէջ խնդիրներ կան, եւ հետաքրքրուած՝ կը նախատեսո՞ւի ոլորտի կառավարման գործառոյթներու աւելի լայն համախմբում։

Աւետիսեանի խօսքով՝ առաջարկուող փոփոխութիւնները պիտի նպաստեն նաեւ գիւղատնտեսական հողերու կառավարման, խոշորացման եւ ոլորտի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն։ Միաժամանակ ան ներկայացուցած է կառավարութեան մօտեցումը՝ գիւղատնտեսութիւնը դիտարկել որպէս տնտեսական գործունէութիւն՝ հաշուի առնելով ատոր առանձնայատկութիւններն ու կարիքները։

«Այս մասով փոփոխութիւններ չեն նախատեսւում»,-ըսած է փոխնախարարը։

Լրացուցիչ արձագանգի ժամանակ Կարապետեանը քննադատած է այդ մօտեցումը՝ պնդելով, որ ոլորտի խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է համակարգող մէկ մարմին։ Անոր գնահատմամբ՝ գիւղացիներու եկամուտներու անկման պայմաններուն մէջ ոռոգման եւ մթերման խնդիրները պէտք է դիտարկուին միասին։

«Ոռոգումը խնդիրներից մէկն է, մթերումը երկրորդ խնդիրն է, ու չկայ մէկ մարմին, որը կը կարողանայ դա համակարգել»,- նշած է պատգամաւորը։

Պատասխանելով հարցին՝ Աւետիսեանը նշած է, որ մթերման խնդիրները տնտեսական ոլորտի քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս լուծման ենթակայ հարցեր են։ Անոր խօսքով՝ հողային եւ ջրային միջոցներու համատեղ կառավարման առաջարկուող փոփոխութիւնն իր հերթին պիտի նպաստէ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ քաղաքականութեան իրականացման։

Փոխնախարարն ընդգծած է, որ Կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն են աշխուժ եւ բարձրարժէք գիւղատնտեսութեան զարգացումը, իսկ հողի եւ ջուրի միասնական կառավարումը հնարաւորութիւն կու տայ առաջ շարժելու այդ ուղղութեամբ։