image

Ռուսիան, Իրանը, Սուրիան եւ Թուրքիան ճանապարհային քարտէզ պիտի պատրաստեն. Լաւրով

Ռուսիան, Իրանը, Սուրիան եւ Թուրքիան ճանապարհային քարտէզ պիտի պատրաստեն. Լաւրով

Մոսկուան առաջարկած է Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա-Սուրիա քառակողմ ձեւաչափի ծիրէն ներս արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպման Դամասկոսի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէզ նախապատրաստել: ՌԻԱ Նովոսթիի հաղորդմամբ՝ տեղեկութիւնը յայտնած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։

«Մեր այսօրուան շփման լաւագոյն արդիւնքը կրնայ ըլլալ պայմանաւորուածութիւնը` փորձագէտներուն յանձնարարել յաջորդ նախարարական հանդիպման նախապատրաստել թուրք-սուրիական կարգաւորման ճանապարհային քարտէզի նախագիծը, որ այնուհետեւ ներկայացուի մեր պետութիւններու ղեկավարներուն»,-ըսած է Լաւրով՝ բանալով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումը:

Ռուս նախարարը նշած է, որ այդ փաստաթուղթին մէջ կան շարք մը սկզբունքներ, որոնք կը պաշտպանեն քառակողմ ձեւաչափի բոլոր մասնակիցները։

«Նկատի ունիմ, նախ եւ առաջ, հանդիպման մասնակից բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան ու միասնականութեան անփոփոխ հաւատարմութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն»,-պարզաբանած է Լաւրով:

ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի կարծիքով՝ թուրք-սուրիական կարգաւորման գործընթացի մեկնարկը դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վրայ։

«Թուրք-սուրիական կարգաւորման գործընթացի մեկնարկը, որուն կը մասնակցին իր արդիւնաւէտութիւնն ապացուցած Աստանայի ձեւաչափի բոլոր երեք երաշխաւոր երկիրները, նկատելի դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ ոչ միայն Սուրիոյ շուրջ իրավիճակի, այլ նաեւ Մերձաւոր Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի ընդհանուր մթնոլորտին վրայ»,-ըսած է Լաւրով:

Ան կարեւորած է քառակողմ հանդիպումը` աւելցնելով, որ երկիրները հետեւողականօրէն գացած են այդ արդիւնքին։