Տեղացող առատ ձիւնին պատճառով Մ-2 միջպետական ճամբուն՝ Գորայքէն մինչեւ Մեղրի եւ հակառակ ուղղութեամբ հատուածը փակ է կցորդիչով բեռնատար ինքնաշարժներուն համար։
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ճամբաներու բաժանմունքը։
«Ճամբան ժամանակաւորապէս կը փակուի երթեւեկութեան ապահովութեան նկատառումներէ ելլելով։ Ճամբաները սպասարկող կազմակերպութիւնները կը շարունակեն ձմեռնային պահպանման աշխատանքները», յայտնած են բաժանմունքէն։