image

Ռուսաստանը իր նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու թիւով առաջին դիրքը կը գրաւէ

Ռուսաստանը իր նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու թիւով առաջին դիրքը կը գրաւէ

Ռուսաստանի դէմ սահմանուած է 5500 պատժամիջոց, ինչ որ աւելին է քան Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, ըստ  Castellum.ai-ի տուեալներուն:  

Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութեան ճանաչումէն յետոյ Մոսկուայի դէմ սահմանուած է շուրջ 2800 նոր սահմանափակում:

Ըստ սահմանուած պատժամիջոցներու թիւին` Ռուսաստանին կը յաջորդեն Իրանը (3600), Սուրիան (2600), Հիւսիսային Քորէան (2100) եւ Վենեզուելան (700):

Ռուսաստանի դէմ նոր պատժամիջոցներու առիւծի բաժինը` 2400-ը, անձնական սահմանափակումներ են, իսկ 343 սահմանափակում կայ կազմակերպութիւններու դէմ:

Ռուսաստանի դէմ ամենաշատ պատժամիջոցներ սահմանած երկրներու եւ կառոյցներու շարքին են Զուիցերիան, Եւրոմիութիւնը, Ֆրանսան, Գանատան, Աւստրալիան, ԱՄՆ-ը: