Ռուսաստանը հանդէս կու գայ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման գօտիի վերածելու օգտին։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնոթեան Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութեան փոխտնօրէն Իվան Նեչաեւը։
Նա նշած է, որ տարածաշրջանային ուղղութեամբ իր աշխատանքին մէջ Ռուսաստանն առաջ կը տանի բացառապէս կառուցողական օրակարգ եւ որեւէ մէկու հետ մրցակցելու մտադրութիւն չունի։ «Մենք կառուցողական նպատակներ ունինք։ Ինչ կը վերաբերի Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման, ապա, ինչպէս բազմիցս նշած ենք, համապատասխան ջանքերը պէտք է գործադրուին Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններու հիման վրայ։
Մենք չենք առարկեր ոչ տարածաշրջանային խաղացողներու ներգրաւման դէմ, եթէ անոնք կը գործեն վերը նշուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան եւ կը նպաստեն ատոնց իրականացման: Գլխաւորը կրկնօրինակում ու քօղարկուած խաղեր թոյլ չտալն է՝ ինչ-որ մէկը տկարացնելու, գործը խափանելու նպատակով։ Ցաւօք, մենք մէկ անգամ չէ, որ ստիպուած եղած ենք առնչուելու ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ նման արարքի հետ»,-ըսած է Նեչաեւը։