image

«Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին ԱԺ-ի եկեղեցւոյ հարցերով քննիչ յանձնաժողովի ստեղծման քուէարկութեան

«Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին ԱԺ-ի եկեղեցւոյ  հարցերով քննիչ յանձնաժողովի ստեղծման քուէարկութեան

Ազգային Ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին Ազգային Ժողովէն ներս եկեղեցւոյ վերաբերեալ քննիչ յանձնաժողովի հարցի ստեղծման քուէարկութեան, ինչպէս նաեւ պիտի չընդգրկուին յանձնաժողովին մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանը նշած էր, որ խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հարցով յանձնաժողովի աշխատանքներուն:

Գրիգորեան ընդգծած է, որ յանձնաժողովը ըստ էութեան հակասահմանադրական է։ Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ կառավարութեան ծրագիրի դրոյթը եւս հակասահմանադրական է, որու պատճառով ալ Ազգային ժողովի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները դիմած են Սահմանադրական դատարան։

Գրիգորեանի համոզմամբ՝ իշխանութիւնները հասարակութեան մէջ կեղծ օրակարգեր կը շրջանառեն՝ ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով։