Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորականները ապահոված են ռուսական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ բարեգործական հիմնադրամներու տրամադրած մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումը Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ բնակավայրը: Այս մասին ըսուած է ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկագրով:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ Նորագիւղ բնակավայրի վարչական ղեկավարութեան հետ համատեղ, յունուարին քննարկուած էր ներկայի մարդասիրական գործողութիւններու իրականացման հարցը: Մասնաւորապէս, վարչակազմի ղեկավարութեան հետ ճշդած ենք առանձնակի կարիքի մէջ գտնուող բնակիչներու ցուցակները, ինչպէս նաեւ տեղահանուած անձերու եւ փախստականներու առկայութիւնը»,- հաղորդած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի ղեկավար՝ Իկոր Սիվաքով:
Սիվաքովի խօսքով՝ տուեալ ցուցակներու համապատասխան՝ իրենք կարիքաւոր բնակիչներուն ապահոված են առաջին անհրաժեշտութեան աւելի քան 100 առարկաներու յատկացումով: Վերջինս աւելցուցած է, որ հետագային այսպիսի գործողութիւներ կ'իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի այլ բնակավայրերու մէջ:
Նորագիւղի բնակիչներուն մարդասիրական յատկացման ընթացքին «Ռուսական մարդասիրական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Դոկտոր Լիզա», «Շտապիր բարութեան» բարեգործական հիմնադրամներու անունով փոխանցուած են ծածկոցներ, բարձեր, բացուող մահճակալներ եւ այլ իրեր: Բացի այդ, փոխանցուած է նաեւ առաջին բուժօգնութիւն յատկացնելու համար նախատեսուած փաթեթ: