Ֆրանսայի Սենատը բանաձեւ մը ընդունած է, որով կը պահանջէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը։ Փաստաթուղթը, որ ընդունուած է 183 կողմ եւ 0 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, կոչ կ՚ընէ Ֆրանսայի կառավարութեան գործադրել բոլոր ջանքերը՝ Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ ապահովելու նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձը։
Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր Ֆրանսա–Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Լորան Վոքիէի կողմէ եւ համահեղինակուած էր բազմաթիւ երեսփոխաններու կողմէ, կ՚արձանագրէ, որ հայ բանտարկեալներուն նկատմամբ շարունակուող դատավարութիւնները կը հանդիսանան Հայաստանի գոյութեան ժխտման ուղղուած Ատրպէյճանի համակարգուած քաղաքականութեան մէկ մասը։ Ըստ ընդունուած բանաձեւին՝ այս գործողութիւնները կը կազմեն Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան բնաջնջմանն ուղղուած քաղաքականութեան եւ հայկական պատմական ու մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման շարունակութիւնը։
Ֆրանսացի օրէնսդիրները կը նախազգուշացնեն, որ հայ գերիներու շարունակական կալանքն ու դատական գործընթացները կրնան երկարաժամկէտ հեռանկարին վրայ վտանգել 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համատեղ հռչակագրի դրոյթներու իրականացումը։ Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ թէեւ այդ հռչակագիրը պաշտօնապէս յայտարարեց տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան աւարտի մասին, ան չի հասցէագրեր հայ բանտարկեալներու հետագայ ճակատագրին հարցը։
Վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը հայրենի հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան՝ երեսփոխանները շեշտած են, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է տարածուի նաեւ Արցախի հայ բնակչութեան վրայ։ Բանաձեւը կը շեշտէ միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը՝ Ատրպէյճանէն պահանջելու երաշխաւորուած պայմաններ անոնց անվտանգ վերադարձին համար։ Եզրափակելով փաստաթուղթը՝ Ազգային ժողովը խստօրէն դատապարտած է Արցախի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւններն ու դատավարութիւնները՝ զանոնք որակելով որպէս միջազգային իրաւունքի խախտում։