image

Ռայիսի-Ալիեւ առաջին հանդիպում

Ռայիսի-Ալիեւ առաջին հանդիպում

Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Իպրահիմ Ռայիսին ու Իլհամ Ալիեւը ունեցած են առաջին հանդիպումը Աշխապատի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ:

Ալիեւ հաւաստիացուցած է, որ Ատրպէյճանի համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն յարաբերութիւնները Իրանի հետ:

Ռայիսին, իր հերթին, նշած է, որ երկու երկիրներու պաշտօնական անձեր վարչապետի, արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով արդէն կայացուցած են բարեյաջող բանակցութիւններ: «Ես համոզուած եմ, որ այդպիսի հանդիպումները, շփումները, քննարկումները ներդրում կ'ունենան երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Հարցերը, որոնք կը ծագին մեր յարաբերութիւններուն մէջ, կարելի է լուծել այսպիսի շփումներով եւ այցերով», նշած է Իրանի նախագահը եւ աւելցուցած, որ երբեք թոյլ չի տար, որ ուրիշները միջամտեն այդ յարաբերութիւններուն: «Մենք պէտք է զարգացնենք յարաբերութիւնները, պէտք է համատեղ աշխատինք փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը խորացնելու համար», ըսաւ ան:

Իրանի նախագահը նշած է, որ Ղարաբաղի հարցով Թեհրանը ունեցած է բաց եւ միանշանակ դիրքորոշում: «Գերագոյն ղեկավարէն մինչեւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաները բոլորը ունէին դիրքորոշում, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է ապահովուած ըլլայ», ըսած է Ռայիսին:

Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու առաջնորդները քննարկած են Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» շրջանակին մէջ: Նշուած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծումը շահաւէտ է Իրանի համար»: