Հանգստեան օրերու պարէտային ժամը վերականգնուած է Թուրքիոյ նահանգներու մեծ մասին մէջ: Այս մասին Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Ըստ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն՝ շաբաթ «Քորոնա» ժահրային վարակի յայտնաբերուած դէպքերու թիւը կազմած է 30 021, սա դէպքերու առաւելագոյն թիւն է դեկտեմբերի սկիզբէն:
««Քորոնա» ժահրի պատճառով մահուան դէպքերու աճը մեզ ստիպած է վերանայիլ առկայ անվտանգութեան միջոցները: 58 նահանգ, ուր կը բնակի մեր երկրի բնակչութեան 80% -ը, կրկին դարձած են բարձր ռիսքային շրջաններ: Անոնց մէջ նորէն պարէտային ժամ սահմանուած է շաբաթ եւ կիրակի օրերուն: Շաբթուայ օրերուն երեկոյեան 21-էն առաւօտեան 5-ը առկայ պարէտային ժամը պիտի պահպանուի ամբողջ երկրին մէջ»,-լրագրողներուն ըսած է Էրտողանը: Բարձր ռիսքային գօտիին մէջ ընդգրկուած են Իսթանպուլը, Անգարան, Անթալիան, Իզմիրը եւ Թուրքիոյ այլ նահանգներ: