Իրանի կառավարութիւնը եռօրեայ ազգային սուգ յայտարարած է երկրին մէջ օրեր շարունակ տեղի ունեցող ցոյցերու եւ անկարգութիւններու ժամանակ զոհուածներու յիշատակին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Իրանի պետական ռատիոհեռարձակողը։
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է, որ սուգ յայտարարուած է «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դէմ իրանական ազգային դիմադրութեան ժամանակ» զոհուածներու յիշատակին։
Նշուած է նաեւ, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը պիտի միանայ սգոյ արարողութեան եւ կոչ կ՚ընէ քաղաքացիներուն եւս մասնակցելու յունուար 12-ին կայանալիք ազգային երթին։
Իրանական կողմը ցոյցերու ընթացքին զորհերու վերաբերեալ նոր թուային տուեալներ չէ հաղորդած։ Յայտնի է միայն, որ անկարգութիւններու ժամանակ զոհուած է առնուազն 38 իրանցի իրաւապահ։
Արեւմտեան լրատուամիջոցները յայտնած են քանի մը հարիւր զոհի մասին։ Մասնաւորապէս, Associated Press գործակալութիւնը, յղում ընելով ակտիվիստներէն ստացած տեղեկութիւններուն, յայտնած է, որ ցոյցերու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 544 մարդ։
Աւելի վաղ Reuters-ը, յղում ընելով իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, հաղորդած էր 490 ցուցարարի եւ 48 անվտանգութեան աշխատակցի մահուան մասին։