Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 2 ապրիլին ժամը 13:00-ին:
Նիստի յետաձգման պատճառը դատախազներու բացակայութիւնն է:
Սա առաջին դատական նիստն է ՍԴ որոշումէն ետք, որով ՔՕ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածը ճանչցուած է Սահմանադրութեան 78-րդ, 79-րդ յօդուածներուն հակասող եւ անվաւեր: Նախօրէին երեկոյեան ՍԴ-ն հրապարակած է 42-էջանոց որոշումը: ՍԴ որոշման եզրափակիչ մասը հրապարկուած է անցած շաբթուայ վերջը: ՍԴ որոշումը վերջնական է եւ ենթակայ չէ բողոքարկման: Պարզ չէ, թէ ինչ կարգի տապալման մասին է խօսքը՝ հաշուի առնելով, որ յօդուածն ընդունուած է Սահմանադրութեամբ մը, եւ փորձած են փոխել մէկ այլ Սահմանադրութեամբ:
Ռոպերթ Քոչարեանը, Եուրի Խաչատուրովը, Սէյրան Օհանեանը եւ Արմէն Գէորգեանը կը մեղադրուին այդ յօդուածով՝ սահմանադրական կարգի տապալում: Փաստացի, դատարանը պէտք է դադրեցնէ այդ յօդուածով քրէական հետապնդումը վերը թուարկուած անձանց, ինչպէս նաեւ նմանատիպ մեղադրանքով այդ գործի շրջածիրէն ներս անձանց նկատմամբ: